2016-04-16 10:52:00

Երուսաղէմի լատիններու պատրիարք` Թուալին ելոյթը պաղեստինցիներու իրավիճակին մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) Երուսաղէմի լատիններու պատրիարք` Ֆուատ Թուալ, ներկայիս Հռոմ կը գտնուի Քահանայապետական Սանթա Քրոչէ համալսարանի հրաւէրով։ Ան մամուլին հետ ունեցած ելոյթով համայնապատկերով մը ներկայացուց Ս. Երկրի քրիստոնեաներու կացութիւնը։

Պատրիարքը խօսեցաւ քրիստոնեաներու հարուստ ներկայութեան մասին, իրենց ծէսերով, արարողութիւններով եւ աւանդութիւններով։

''Ս. Երկրի քրիստոնեաները ողջ ներկայութիւն մըն են­ ու վկայութիւն կենդանի Յիսուս Քրիստոսի։ Անոնք կը ներկայացնեն բնակչութեան 2 տոկոսը։ Փոքրիկ հօտ մըն են հրեաներու ու մահմետականներու միջեւ։ Բաժանումի պատը 700 քիլոմեթր է ու անոր բարձրութիւնը 8 մեթր է, կը կղզիացնէ պաղեստինեան ժողովուրդը ու կը սահմանափակէ շարժումի ազատութիւնը'' ըսաւ Լատիններու Պատրիարքը, ընդգծելով թէ Ս. Աթոռը միակ պետութիւնն է որ կը ճանչնայ Պաղեստինի պետութիւնը (26 Յունիս 2015) ու  թէ ան ճանչցուած է նաեւ ՄԱԿի կողմէ որպէս մնայուն դէտ։

Կազայի գօտիին մէջ քրիստոնեաները փոքրաթիւ են, անոնց կեանքի պայմանները շատ դժուար են, բայց եւ անպէս քրիստոնեաներու ներկայութիւնը շատ դրական է արաբական ընկերութեան համար ըսաւ պատրիարք Թուալ եւ յոյս  յայտնեց  որ դաստիարակութեան, համագործակցութեան ու երկխօսութեան ճամբով կարելի ըլլայ կամուրջներ կերտել, միացնելու յոյսը ու կործանելու անտեսանելի պատնէշները` ատելութեան ու բռնութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.